Երկեր։ Նահանջը առանց երգի։ Յարալէզներուն դաւաճանութիւնը

ebook

By Շահան Շահնուր

cover image of Երկեր։ Նահանջը առանց երգի։ Յարալէզներուն դաւաճանութիւնը

Sign up to save your library

With an OverDrive account, you can save your favorite libraries for at-a-glance information about availability. Find out more about OverDrive accounts.

   Not today

Find this title in Libby, the library reading app by OverDrive.

Download Libby on the App Store Download Libby on Google Play

Search for a digital library with this title

Title found at these libraries:

Library Name Distance
Loading...

Պոլիս ծնած եւ քսան տարեկանէն ետք Ֆրանսա ապրած Շահան Շահնուրը քսաներորդ դարու արեւմտահայ գրականութեան ամենէն ակնառու եւ ամենէն ինքնատիպ դէմքերէն է։ Պոլսահայ կեանքը թէ գաղթական հայու կենցաղն ու անոր ապաստան եղող երկրի միջավայրը պատկերող իր գեղարուեստական էջերը ան կոչած է «Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց»։ Անոնք կը կազմեն այս եռահատորի առաջին գիրքը։ Երկրորդ հատորին մէջ ամփոփուած են Շահնուրի հրապարակագրական գրութիւնները՝ իր բնորոշումով՝ «Լրագրական էջեր»-ը։ Երրորդ հատորը կը ներկայացնէ Գրիգոր Շահինեանի «Յաղագս Շահան Շահնուրի» մենագրութիւնը։
Այս հրատարակութեամբ առաջին անգամ ըլլալով ընթերցողին կը ներկայացուի Շահան Շահնուրի հայալեզու գրական ամբողջ վաստակը այնպէս, ինչպէս գրած, վերանայած կամ վերհպումի ենթարկել փափաքած է ինքը՝ Շահնուրը։ Այս ժողովածուն էապէս կը հարստանայ Գրիգոր Շահինեանի ծանօթագրութիւններով եւ մանաւանդ Շահնուրի գրական վաւերական կերպարը կերտող իր վերլուծութեամբ։

Երկեր։ Նահանջը առանց երգի։ Յարալէզներուն դաւաճանութիւնը